image

Պլինքըն. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է

Պլինքըն. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է

ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցին ընդգծած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը` ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու համար:

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման դրական ազդակը:

«Պլինքըն առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը` սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն, եւ տարածաշրջանային ճանապարհային եւ հաղորդակցական կապերու զարգացման յառաջընթացի կոչ ըրած է: Ան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի մէջ խնդիրներու լուծման համար երկկողմ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած՝ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ ԵՄ միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն: Պետական քարտուղար Պլինքըն հաստատած է Ամն-ի պատրաստակամութիւնը` երկկողմ եւ համախոհ գործընկերներու հետ, այդ շարքին՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ մեր դերին միջոցով օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հասնելու երկարաժամկէտ եւ համապարփակ խաղաղութեան», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: