image

Պլինքըն չյայտարարուած այցով մեկնած է Քիեւ

Պլինքըն չյայտարարուած այցով մեկնած է Քիեւ

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չյայտարարուած այցով մեկնած է Քիեւ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Associated Press» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով ամերիկացի պաշտօնեաներուն:

Գործակալութեան աղբիւրի խօսքով՝ Պլինքըն վստահութեան ուժեղ ազդանշան պիտի ուղարկէ ուքրանացի պաշտօնեաներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն, որոնց հետ պիտի հանդիպի իր երկօրեայ այցի ընթացքին:

«Պլինքըն պիտի ընդգծէ Պայտընի վարչակազմի հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ պաշտպանութեան եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան», - յայտնած է լրատուամիջոցը։

Պլինքըն Զելնսքիի եւ միւս պաշտօնեաներու հետ պիտի քննարկէ մարտական գործողութիւններու նոր զարգացումները, ԱՄՆ-ի անվտանգային եւ տնտեսական աջակցութեան ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ երկարաժամկէտ պարտաւորութիւններն ու ջանքերը՝ Ուքրանիան տնտեսապէս վերականգնելու համար:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլի վերջը ԱՄՆ իշխանութիւնները հաւանութիւն տուած են Ուքրանիոյ 6 միլիառ տոլարի օգնութեան տրամադրման փաթեթին: