Զանգեզուրի միջանցքը օգուտ պիտի բերէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն: Այս մասին նախկին վարչապետ, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախկին խօսնակ, պատգամաւոր Պինալի Եըլտըրըմը ըսած է «Աշխարհը COVID-19-էն ետք» Պաքուի 8-րդ համաշխարհային ֆորումի ընթացքին:
Անոր խօսքով` «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու միջեւ կապերու ընդլայնման։
«Զանգեզուրի միջանցք» կը նշանակէ ճանապարհ Հայաստանի տարածքով։ Պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է քննարկելու տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը, սակայն խօսքը «միջանցքներու» մասին չէ։