«Քովիտ»ի մահացութեան եւ վարակման ընդհանուր մակարդակը կրնայ հասնիլ եղանակային կրիփի միջին ցուցանիշին մինչեւ յաջորդ տարուայ կէսերը՝ պայմանով, որ նոր, աւելի վտանգաւոր տարբերակներ չըլլան։ Նման կարծիք յայտնած է Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյթցը Սինկափուրի մէջ հիպրիտային ձեւաչափով տեղի ունեցած «Նոր տնտեսական ֆորումի» ժամանակ, որ կազմակերպած է գործարար Մայքըլ Պլումպըրկը։
Անոր խօսքով՝ բնական դիմադրողականութեան զարգացման, պատուաստումներու, նոր դեղամիջոցներու ի յայտ գալու լոյսին տակ «մահացութեան ու հիւանդացութեան մակարդակը պէտք է կտրուկ պակսի»։ Ան կը կանխատեսէ, որ «եկող տարուայ կէսերուն նոր տարբերակներու բացակայութեան պարագային այս թիւերը կրնան հասնիլ կրիփի եղանակային տուեալներու»։ Միեւնոյն ժամանակ, Կէյթցը կոչ ըրած է «համաշխարհային հանրութեան՝ աշխուժօրէն աշխատելու կրիփի վերացման ուղղութեամբ՝ նուազեցնելու նոր համաճարակներու վտանգը»։
Բացի այդ, Microsoft-ի հիմնադիրը անհամբեր կը սպասէ «յաջորդ տարի անդրադառնալ «Քովիտ»ի պատուաստանիւթերու մատակարարման»: