Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համաձայնութիւն տուած է։ Դեկտեմբեր 8-ին լրագրողներուն այդ մասին յայտնած է երկրի ղեկավարի հետ Քրեմլի մէջ կայացած հանդիպման մասնակիցներէն մէկը՝ այսպէս կոչուած «Տոնեցքի հանրապետութեան» ներկայացուցիչ Արթեմ Ժոկան:
«Մեր նախագահը երբեք չէ խուսափած պատասխանատու որոշումներէ, եւ այսօր ան հաստատեց այդ։ Ես ինծի կը համարեմ Փութինի խումբի անդամ եւ, ի հարկէ, կը պաշտպանեմ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի այս որոշումը»,- մեկնաբանելով Փութինի՝ ընտրութիւններու մասնակցելու որոշումը՝ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մաթվիէնքոն:
Փութինի լիազօրութիւնները կ՚աւարտին յաջորդ տարուան մայիս 7-ին: Ռուսիոյ մէջ հերթական նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած են մարտ 17-ին: