image

Փութին ըսած է, թէ ով է Ռուսիոյ թշնամին

Փութին ըսած է, թէ ով է Ռուսիոյ թշնամին

Ուքրանիան Ռուսիոյ թշնամին չէ, թշնամին ան է, որ կ՚ուզէ մարտի դաշտի մէջ հասնիլ Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութեան, որ կ՚ուզէ ոչնչացնել ռուսական պետականութիւնը, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Այդպէս եղած է դարեր շարունակ եւ, ցաւօք, կը շարունակուի նաեւ հիմա, ինքը՝ Ուքրանիան, մեր թշնամին չէ: Բայց թշնամի են անոնք, որոնք կ՚ուզեն ոչնչացնել ռուսական պետականութիւնը, անոնք, որոնք կ՚ուզեն հասնիլ, ինչպէս կ՚ըսեն, Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութեան մարտի դաշտի մէջ, եւ այդ հիմնական Արեւմուտքն է: Կան, այսպէս կոչուած, էլիթաներ, որոնց համար Ռուսիոյ գոյութիւնը՝ ներկայիս որակով եւ ներկայիս չափերով, ինչպէս իրենք կը կարծեն, անընդունելի է»,- ըսած է Փութինը Վիշնեւսքի զինուորական հիւանդանոցին մէջ զինուորականներու հետ հանդիպման ժամանակ։