Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն կապակցութեամբ:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով։
Անցնող տարուայ ընթացքին մեր պարբերական շփումը լիովին հաստատեց ռուս-հայկական յարաբերութիւններու բարեկամական, դաշնակցային բնոյթը։
Կ'ակնկալեմ, որ համատեղ ջանքերով մենք կ'ապահովենք երկկողմ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը տարբեր ոլորտներում մէջ, ինչպէս նաեւ գործընկերային փոխգործակցութիւնը ԵԱՏՄ, ՀԱՊԿ, ԱՊՀ եւ բազմակողմ միւս կառոյցներու շրջանակին մէջ։ Այդ կը համապատասխանէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի եղբայրական ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն, համահունչ է Անդրկովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։
Յարգելի Նիկոլ Վովայի,
Կը մաղթեմ Ձեզ քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք, իսկ Ձեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն»։