image

Փութին շնորհաւորած է նաեւ Ռ. Քոչարեանը

Փութին շնորհաւորած է նաեւ Ռ. Քոչարեանը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը Ամանորի եւ Սուրբծննդեան տօներու կապակցութեամբ։

Քրեմլինի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ Փութին շնորհաւորական ուղերձներ յղած է շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու նախկին ղեկավարներուն, մասնաւորապէս՝ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքոնիին, Ղազախստանի նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւին, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Կերհարտ Շրիոտըրին։