image
Հրատապ լուրեր:

Փութին ներկայացուցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպման արդիւնքները

Փութին ներկայացուցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպման արդիւնքները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ կատարած է՝ ներկայացնելով Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ քննարկումներուն արդիւնքները ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին եւ վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն շուրջ:

Փութին յաւելած է, որ նիստին ընթացքին մանրամասն կը խօսին մերձաւոր գործընկերներուն եւ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններուն առնչուող համալիր հարցերուն մասին, նկատի կ'առնուի ԱՊՀ երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները:

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին մասնակցած են Դաշնութեան խորհուրդի նախագահը, Պետտումայի նախագահը, Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, ներքին գործերու նախարարը, արտաքին գործերու նախարարը, պաշտպանութեան նախարարը, Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէնը, նախագահի վարչակազմի փոխղեկավարը: