image

Փութին մետալներ շնորհած է շարք մը ռուսահայերու

Փութին մետալներ շնորհած է շարք մը ռուսահայերու

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շարք մը հայերու մետալներ, շքանշաններ, եւ պատուոգրեր շնորհած է տարբեր ոլորտներու մէջ ունեցած վաստակի համար։

Համապատասխան հրամանագիրը հրապարակուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ։

Բժշկական գիտութեան եւ առողջապահութեան զարգացման ոլորտի մէջ ունեցած մեծ վաստակի, երկարամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան համար «Հայրենիքի առջեւ ունեցած վաստակի համար I աստիճանի» շքանշանով պարգեւատրուած է «Ակադեմիկոս Վ.Ի. Կուլակովի անուան մանկաբարձութեան, կնաբանութեան եւ մօր եւ պտղի առողջութեան ազգային բժշկական հետազօտական կեդրոն» դաշնային պետական պիւտճէթային հաստատութեան փոխտնօրէն Լեյլա Վաղոյի Ադամեանը։

«Ռուսիոյ դաշնութեան վաստակաւոր բժիշկ» պատուաւոր կոչումը շնորհուած է «Մարզային ուռուցքաբանական դարմանատուն» առողջապահութեան պետական հաստատութեան գլխաւոր բժիշկի տեղակալ Գրիգորի Ռաֆայէլի Փիւմփիւլեանին։

Զանգուածային լրատուամիջոցներու զարգացման ոլորտի մէջ ունեցած վաստակի եւ երկարամեայ բարեխիղճ աշխատանքի համար բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրուած է «ՆՏՎ հեռուստաընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութեան հաղորդավար Ռոման Գէորգիի Բաբայեանը։

 «Հայրենիքի առաջ ունեցած վաստակի համար II աստիճանի» շքանշանով պարգեւատրուած է «ՆՏՎ հեռուստաընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութեան բաժնի ղեկավար Նիկոլայ Գէորգիի Բայախչեանը եւ «Ռուսաստանի հանրային հեռուստատեսութիւն» ոչ պետական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Արմէն Ալպերթի Քեռեանը։