Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք համատեղ յայտարարութիւն

Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք համատեղ  յայտարարութիւն

Աւելի քան չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը համատեղ յայտարարութիւն տարածած են։

«Հակառակ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ներկայ մարտահրաւէրներուն՝ առաջնորդները վերահաստատած են հետագային ռուս-թրքական յարաբերութիւնները զարգացնելու իրենց ընդհանուր կամքը՝ հիմնուած յարգանքի, փոխադարձ շահերու ճանաչման եւ իրենց միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։

Այս փոխըմբռնման շրջածիրէն ներս երկու երկիրներու ղեկավարները ծաւալուն խորհրդակցութիւններ ունեցած են ռուս-թրքական յարաբերութիւններու երկկողմ օրակարգի շուրջ եւ պայմանաւորուած հետեւեալի շուրջ. արդարացնել հակառակ կողմի ակնկալիքները տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ, յստակ քայլեր ձեռնարկել՝ համագործակցութիւնը մեծցնելու այն հարցերու շուրջ, որոնք երկար ժամանակ եղած են երկու պետութիւններու օրակարգերուն վրայ, ինչպիսիք են՝ փոխադրութիւնը, առեւտուրը, գիւղատնտեսութիւնը, արդիւնաբերութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ շինարարութիւնը:

Տարածաշրջանային հարցերու շուրջ՝ ղեկավարներն ընդգծած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ անկեղծ եւ վստահելի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութեան հասնելու համար։ Ուքրանիոյ նաւահանգիստներէն հացահատիկի անվտանգ արտահանման նախաձեռնութեան հացով ընդգծուած է Իսթանպուլի փաթեթային գործարքի ամբողջական իրականացումն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը՝ ներառեալ ռուսական հացահատիկի, պարարտանիւթերու եւ ատոնց արտադրութեան համար հումքի անարգել արտահանումը։

Բարձրացուած հարցերու շարքին եղած են նաեւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Կողմերը հաստատած են, որ մեծ նշանակութիւն կու տան քաղաքական գործընթացներու յառաջխաղացման: Նշուած է Սուրիոյ քաղաքական միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը, վերահաստատուած՝ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին համատեղ եւ սերտօրէն համակարգուած գործելու վճռականութիւնը։

Հռչակուած է Լիպիոյ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային միասնութեան հաստատակամ հաւատարմութիւնը։ Կողմերն ընդգծած են հնարաւորինս լայն համաձայնութեան հիման վրայ ազատ, արդար եւ վստահելի ընտրութիւններու կայացման կարեւորութիւնն ու վերահաստատել իրենց աջակցութիւնը Լիպիոյ եւ քաղաքական գործընթացին։

Պետութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած են Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի յաջորդ նիստը կազմակերպել Թուրքիոյ մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։