image

Փութին դրական կը համարէ պատերազմի ընթացքը

Փութին դրական կը համարէ պատերազմի ընթացքը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքը դրական անուանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»ը։

«Ընթացքը դրական է։ Ամէն ինչ կը զարգանայ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ գլխաւոր շտաբի ծրագրի ծիրէն ներս»,-ըսած է ան «Ռոսիա-1» (ВГТРК) հեռուստաալիքով «Մոսկուա. Քրեմլ. Փութին» հաղորդման համար լրագրող Պաւէլ Զարուպինին տուած հարցազրոյցին։

Փութին աւելցուցած է՝ «յոյսով եմ, որ մեր մարտիկները անգամ մը եւս մեզ կ'ուրախացնեն իրենց մարտական աշխատանքի արդիւնքներով»։