Փելոսիի՝ Թայուան այցով ԱՄՆ աշխարհին կ'ապացուցէ իր անպատժելիութիւնը․ Լաւրով

Փելոսիի՝ Թայուան այցով ԱՄՆ աշխարհին կ'ապացուցէ իր անպատժելիութիւնը․ Լաւրով

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի՝ Թայուան կատարած այցով Միացեալ Նահանգները կը փորձէ ապացուցել իր անպատժելիութիւնը ամբողջ աշխարհին։ Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նոսվոստի»ն, ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«Այն, որ սա կ'արտացոլէ այն գիծը, որու մասին մենք կը խօսինք ուքրանական իրավիճակի հետ կապուած, կասկածներ չառաջացներ։ Սա բոլորին իրենց անպատժելիութիւնն ապացուցելու եւ ամենաթողութիւննը ցոյց դնելու ցանկութիւնն է», - չորեքշաբթի՝ 3 օգոստոսին, Միանմայի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարը։

«Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան համար ասոր նշանակութիւնը շատ լաւ հասկնալով՝ գրեթէ անիմաստ տեղը իր այցով գրգռիչ ստեղծելու փափաքէն բացի այլ պատճառ չեմ տեսներ», - աւելցուցած է Լաւրով։

Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի երեկոյեան ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Նենսի Փելոսիի օդանաւը վայրէջք կատարած է Թայփէի օդակայան։ Չինաստանը յայտարարած է, որ Փելոսիի այցը Թայուան Չինաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան լուրջ խախտում է։