image

Փաշինեանը կը ստէ. Հայկ Մամիջանեան

Փաշինեանը կը ստէ. Հայկ Մամիջանեան

Հայ զինուորի կեանքը Նիկոլ Փաշինեանի համար արժէք չունի։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը՝ անդրադառնալով Ազգային Ժողովի քննիչ յանձանաժողովին մօտ Փաշինեանի հնչեցուցած միտքերուն։

Մամիջանեան հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ Փաշինեան շրջափակման մէջ յայտնուած զինուորներու մասին տարբեր թուեր յայտատարարած է։

Ընդդիմադիր պատգամաւորի խօսքով՝ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին Փաշինեանը մատնանշած էր 20,000 զինուորի կեանք փրկելու մասին, յետոյ այն դարձաւ 30,000, իսկ ահա քննիչ յանձնաժողովին մօտ խօսեցաւ 25,000 զինուորի մասին։

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարն անդրադարձած է 2020 թուականի հոկտեմբեր 19-ի վարչապետի եւ արտախորհրդարանական ուժերու հանդիպման եւ որոշ մանրամասներ ներկայացուցած։

«Այդ հանդիպման ժամանակ նա (Փաշինեանը - խմբգ.) ասել է, որ պատերազմն արդէն տանուլ է տուած։ Նաեւ ասել է, որ ինքն է խնդրել Ռուսաստանի ղեկավարին Սիւնիքում տեղակայել ռուսական դրօշներ։ Ինքն ասաց, որ այդ ժամանակ, իբրեւ, կարմիր գիծ էր իր համար Շուշին եւ Սիւնիքով միջանցքի տրամադրումը։ Փաշինեանը մանիպուլացնում է Շուշիում ադրբեջանցի փախստականների վերադարձի հարցը։ Նոյմբերի 9-ի յայտարարութեան տեքստում նախատեսուած է, որ ՄԱԿ-ի հովանու ներքոյ նախատեսուած է փախստականների վերադարձ։ Հարց եմ տալիս՝ Արցախի տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներում ադրբեջանցի եկե՞լ է։ Հետեւաբար, Փաշինեանը մանիպուլացնում է՝ ասելով, թէ ադրբեջանցի փախստականներով բնակեցուելու դէպքում Շուշին կը կորցնէինք»,- նշած է ան՝ պնդելով, որ Փաշինեանը կը ստէ, եւ հոկտեմբեր 19-ին հնարաւորութիւն կար Շուշիի պահպանմամբ հասնելու հրադադարի։

Ընդդիմադիր գործիչը յայտարարած է, որ հոկտեմբեր 19-էն մինչեւ նոյեմբեր 9-ը բոլոր մահերն ուղղակիօրէն Փաշինեանի գործունէութեան հետեւանքով տեղի ունեցած են: