image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանը կը հրաւիրէ ուխտերթի

Փաշինեանը կը հրաւիրէ ուխտերթի

Յունուար 6-ին՝ ժամը 13:30 բոլորդ կը հրաւիրեմ ուխտերթի, որ պիտի մեկնարկի Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակէն: Եկեղեցին կը գտնուի Երեւանի Տիգրան Մեծ պողոտայի վրայ: Երթը պիտի ուղղուի դէպի Երեւանի՝ Սուրբ Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցի, որ կը գտնուի Սայաթ Նովա-Աբովեան փողոցներու խաչմերուկի վրայ: Ուխտերթն ունի խորհուրդ՝ լուսաւորել Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, երկրորդը՝ արձանագրել մեր հաւատարմութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան:  Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր դիմատետրեան տեսանիւթին մէջ՝ հրաւիրելով ժողովրդը ուխտերթի:

«Յաջորդ կարեւոր խորհուրդը՝ արտայայտել աջակցութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու բարենորոգմանը, որի մասին մի խումբ եպիսկոպոսների հետ երէկ երեկոյեան հանդէս եկանք յայտարարութեամբ: Յաջորդ խորհուրդն է՝ արտայայտել աջակցութիւն մեր պետականութեանը եւ արտայայտել մեր դիրքորոշումը առ այն, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցու փաստացի պետի՝ եւ նրա մերձաւոր շրջապատի կողմից առաքելական սուրբ եկեղեցին մեր պետութեան, ինքնիշխանութեան, անկախութեան դէմ՝ որպէս հիբրիդային պայքարի միջոց օգտագործելու գործելակերպն անընդունելի է, եւ մենք նման գործելակերպի շարունակութիւն թոյլ չենք տալու»,-ըսած է ան:

«Այս երթով մենք պէտք է արտայայտենք մեր վերաբերմունքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցու փաստացի պետի եւ նրա մերձաւոր շրջապատի կողմից եկեղեցին՝ որպէս օտար ուժերի հիբրիդային պայքարի գործիք օգտագործելու գործելակերպի կապակցութեամբ. պէտք է արտայայտենք մեր յստակ դիրքորոշումը նման գործելակերպի անընդունելիութեան վերաբերեալ, մենք այլեւս թոյլ չենք տալու այդ գործելակերպի շարունակութիւնը»,-յայտարարած է ան:

Փաշինեանը ընդգծած է՝ երթը պիտի ըլլայ խաղաղ, լեցուն քրիստոնէական սիրով եւ եկեղեցւոյ բարենորոգման վճռականութեամբ:

Երթը պիտի աւարտի Սայաթ Նովա-Աբովեան փողոցներու խաչմերուկին մէջ, տեղի պիտի ունենայ նաեւ կարճ հաւաք:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Փաշինեանը ժողովուրդին կամք դրսեւորելու պարագային հրաւիրած է նաեւ առաւօտեան 10:30-էն սկսող պատարագին մասնակցելու: Այնուհետեւ յայտնած է, որ յոյս ունի, որ ժողովուրդը պիտի երթայ եւ մասնակցի այս կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ուխտերթին: