Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։
«Քննարկուած են իրավիճակի զարգացումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին անվտանգութեան ապահովման հարցեր։ Այս ծիրէն ներս հաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 թ. 9 նոյեմբերի, 11 յունուարի, եւ 2021 թ. 26 նոյեմբերի պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու կատարման կարեւորութիւնը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։