Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ 7 սեպտեմբերին Արեւելեան տնտեսական ֆորումի ժամանակ պիտի քննարկէ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։
«Կ'ակնկալուի, որ պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման թեման։ Ռուսիա կը շարունակէ իր համակողմանի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին՝ առաջնորդներու միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կ'ապահովէ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը»,-աւելցուցած է ան։
Ան նշած է, որ առաջնորդները պիտի քննարկեն նաեւ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու առանցքային հարցերը, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ «Ուժանիւթի ոլորտի մէջ փոխգործակցութիւնը կը զարգանայ։ Կազի մատակարարումները Ռուսիայէն՝ տարեկան աւելի քան 2,4 միլիառ խմ (1,41 մլրդ խմ՝ ընթացիկ տարուայ յունուար-յունիս ամիսներուն)»,-ընդգծած է Ուշաքով։