ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը վաղը պիտի հանդիպին Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին յայտնած են շարք մը թրքական աղբիւրներ։
Հանդիպման պիտի քննարկուին հայ-թրքական, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։
Փաշինեանը 3 յունիսին Անգարայի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան: