image

Փաքիստան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսած է Հնդկաստանի դէմ

Փաքիստան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսած է Հնդկաստանի դէմ

Երկու միջուկային տէրութիւններու հակամարտութեան սրումը նոր մակարդակի հասած է. մայիս 10-ի առաւօտեան Փաքիստանի կառավարութիւնը յայտարարած է Հնդկաստանի դէմ մեծ ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին, գրած է bbc.com-ը։

Մայիս 10-ին, շաբաթ վաղ առաւօտեան, Փաքիստանի կառավարութիւնը յայտարարած է Հնդկաստանի դէմ «Պունդան-ում-Մարսուս» (Ամուր պատ) անուամբ խոշոր ռազմական գործողութեան մեկնարկի մասին՝ այն անուանելով «յարձակման պատասխան»։

Փաքիստանի վարչապետը արտակարգ նիստ հրաւիրած է Ազգային հրամանատարական մարմնին, որ պատասխանատու է երկրի միջուկային զինանոցի վերահսկման համար:

«Պունեան-ում-Մարսուս» գործողութեան շրջածիրէն ներս Փաքիստանի բանակը կը ծրագրէ հարուածել Հնդկաստանի մէջ գտնուող քանի մը ռազմավարական թիրախներ, հաղորդած է փաքիստանեան Geo TV հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով անվտանգութեան աղբիւրներուն։

Հակամարտութեան այս փուլի սկիզբէն վեր արդէն մօտ 50 մարդ զոհուած է։