Օրերս Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ Հարպոյեան» վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանին, այցելութիւն տուած է հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուած՝ հոգեւոր տիրոջ կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն պատուիրակութիւն մը, Երկուշաբթի՝ 1 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան, շնորհաւորական այցելութիւն մը կատարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին:
Աւանդական այցելութեան այս տարուան պատուիրակութեան մաս կազմեց երէց տղոց կողովագնդակի խումբը, գլխաւորութեամբ՝ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Տիգրան Վրդ. Փիլիպոսեանի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Հայր Կարապետ Վրդ. Գըլընճեանի, վարժարանիս մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանի եւ կողովագնդակի մարզիչ Ժոզէֆ Արապեանի:
Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան Հոգեւոր Տիրոջ ծանօթացուց բոլոր խաղացողներուն անհատաբար, ինչպէս նաեւ անոր տեղեկացուց, որ խումբը կը մասնկացի Լիբանանի դպրոցներու պասքէթպոլի ախոյեանութեան, որուն 52 վարժարաններ կը մասնկացին, որոնց մէջ միակ հայկական վարժարանը Ս. Խաչ Հարպոյեանն է, ինչպէս նաեւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ մինչեւ օրս խումբը յաջորդական երեք խաղերու յաղթանակ ապահոված է, հանդիսացած է իր խմբակին առաջինը եւ յառաջացած է երկրորդ հանգրուան:
Հոգեւոր Տէրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց վարժարանիս մարմնամարզական խաղին մօտէն հետեւիլը, լուսարձակի տակ առաւ անոր կարեւորութեան ակադեմականի կողքին, յաջողութիւն մաղթեց խաղացողներուն ու մարզիչին, եւ մաղթեց նոյն թափով ու խանդով շարունակել: