image

Պէյրութի մէջ միջկուսակցական հանդիպում կայացած է

 Պէյրութի  մէջ  միջկուսակցական  հանդիպում կայացած է

Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:

Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն:

Լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան առանցք ընդհանուր քննարկումի: ժողովը բարձրօրէն գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանրապէս հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Շեշտը դրուեցաւ միացեալ ճիգերով օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ:

ժողովը քննարկեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ առնչուած հարցեր: Ներքաղաքական կացութեան գծով ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին ներքին բեւեռացումներու բացառումը: Ժողովը քաղաքական ու ապահովական կայունութեան ստեղծումը նախապայման նկատեց երկրի ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին հերթական հանդիպումներով մնալ կապի մէջ՝ լիբանանահայ համայնքի շահերը դարձնելով ուշադրութեան հիմնական առանցք:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ