image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Մեսրոպեանի մէջ նշուած է Թարգմանչաց տօնը

Պէյրութ. Մեսրոպեանի մէջ նշուած է Թարգմանչաց տօնը

Օրերս Պէյրութի  Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ  նշուած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այս առթիւ հրապարակուած  լուրը՝ 



Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը 24 Հոկտեմբեր 2025-ին յատուկ տօնակատարութեամբ մը նշեց Թարգմանչաց տօնը՝ յարգելով անմահ յիշատակը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ անոնց աշակերտներուն, որոնք մեզի պարգեւեցին հայոց այբուբենը եւ հարստացուցին մեր գրականութիւնը անգին թարգմանութիւններով:

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ռիթա Բէբէեանի ողջոյնի խօսքով: Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին «Ով Մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» արտասանութիւնը եւ երգեցին «Ով եմ ես» երգը՝ իրենց անմեղ ձայներով տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ծրագիրը շարունակուեցաւ Սէրլի Կէօվշէնեանի կողմէ Սիամանթօի «Ներբողական» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, որմէ ետք Ա․, Բ․եւ Գ․ դասարաններու աշակերտները միասնաբար երգեցին «Այբբենարան սիրելի» երգը:

Ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս բարեշնորհ Տէր Նշան սարկաւագ Հաննէշեան, որ իր պատգամին մէջ ընդգծեց հայ լեզուին եւ գիրին պահպանման նշանակութիւնը՝ հայ ազգի գոյապայքարին մէջ։ Ան շեշտեց, որ Թարգմանչաց տօնը կարեւոր առիթ մըն է անդրադառնալու մեր լեզուական ու գրական ժառանգութեան արժէքին, գօտեպնդուելու անոնցմով եւ պահպանելու զանոնք՝ յատկապէս համաշխարհայնացման այս դարաշրջանին, ուր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները կը գտնուին գոյութենական տագնապներու մէջ։ Այս առիթով, Տէր Նշան վկայակոչեց նաեւ նորոգ սրբադասուած Իգնատիոս Մալոյեանի օրինակը՝ որպէս հայ դպրութեան մեծ հաւատաւոր։

Ե․ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մեր լեզուն» երգը, մինչ Գ․ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սիլվա Կապուտիկեանի «Իմ Հայ լեզուն» բանաստեղծութիւնը: Դ․ դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայոց տառերը» երգը՝ իրենց սիրելի այբուբենին նուիրուած:

Ծրագիրը հարստացուցին նաեւ Քրիստ Մարտիրոսեան՝ «Կռունկ» նուագը եւ Սամ Ղարիպեան, Կայէլ Պօյաճեան, Մեղրի Չիֆճեանի, Նոյ Կէօզիւկիւչիւկեան եւ Շողակ Մակոլեան՝ արտասանութիւնները:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի խօսքով, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն՝ հայ լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան համար: