Հայաստանի ղեկավարութիւնը ունի քաղաքական կամք լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Սոչիի մէջ, բանալով հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
«Հակամարտութիւնը արդէն տասնամեակներ կը շարունակուի, եւ այն պէտք է ինչ-որ կերպ վերջ գտնէ: Գիտեմ, որ դուք քաղաքական կամք ունիք ատոր համար։ Մենք ամէն կերպ կը սատարենք: Պէտք է գտնենք այն առանցքային պահերը, որոնք մեզի թոյլ կու տան առաջ շարժիլ»,- ըսած է Փութին։
Ռուսիոյ նախագահը յոյս յայտնած է, որ Սոչիի մէջ բանակցութիւնները եւս մէկ հնարաւորութիւն պիտի ըլլան ներկայ իրավիճակը քննարկելու համար։ Անոր կարծիքով՝ այժմ ամենակարեւորը խաղաղութեան հասնիլն ու տնտեսական զարգացման համար պայմաններ ստեղծելն է. այս խնդիրը դրուած էր նաեւ 2020 թուականի նոյեմբերին, երբ պէտք էր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ հանդիպման արդիւնքներով հնարաւոր կ'ըլլայ առաջ շարժիլ։
«Մենք կը տեսնենք մեր գործընկերներու մօտեցումները հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Ղարաբաղի շուրջ կատարուածի վերաբերեալ։ Այս հակամարտութիւնը կը շարունակուի մէկ տասնամեակ, ուստի պէտք է ինչ-որ ժամանակ վերջ տալ անոր, համաձա՞յն էք: Գիտեմ, որ դուք այդ հարցով համար քաղաքական կամք ունիք։ Եւ մենք ամէն կերպ կ'աջակցինք ձեզի։ Մենք, ձեզ հետ, ի հարկէ, այժմ, իսկ յետոյ եռակողմ ձեւաչափով պէտք է գտնենք այն առանցքային պահերը, որոնք թոյլ կու տան մեզի առաջ շարժիլ»,- ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը։