image

«Պէտք է արագ շարժինք, այլապէս Ռուսիան կը յաղթէ...». Ճոն Պոլթըն

«Պէտք է արագ շարժինք, այլապէս Ռուսիան կը յաղթէ...». Ճոն Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընը Քոնկրեսին կոչ ըրած է «արագ գործելու»՝  աջակցելու Ուքրանիոյ Ռուսիոյ դէմ պատերազմի ժամանակ, հակամարտութեան մը, որ, անոր խօսքով, ամերիկացիները կրնան մոռնալ, քանի որ ուշադրութիւնը կը շեղի Կազայի պատերազմի վրայ:

«Եթէ մենք չօգնենք ուքրանացիներուն, Ռուսիան ի վերջոյ կը յաղթէ,-ըսած է Պոլթըն կիրակի օր WABC 770 AM-ի ռատիոհաղորդավար Ճոն Քացիմաթիտիսին տուած հարցազրոյցին։- Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է աւելի լաւ աշխատինք»:

«Կը կարծեմ՝ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծարակոյտի մարդիկ պէտք է աւելի մեծ ճնշում գործադրեն Պայտընի վրայ՝ Ուքրանիոյ հետ յաղթական ռազմավարութիւն մշակելու համար՝ ոչ միայն թոյլ չտալով Ուքրանիոյ պարտուիլ, այլ պարզաբանել, թէ ինչպէս կրնայ Ուքրանիան յաղթել», -ըսած է Պոլթըն:

Ըստ Ճոն Պոլթընի, ուքրանացիները մտահոգուած են ամերիկեան որոշակի աջակցութեան հնարաւոր կորուստով։

«Յուսով եմ, որ մենք միջոցներ կը գտնենք անոնց լրացուցիչ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, որու կարիքը անոնք ունին»,-ըսած է ան։

Պոլթըն նաեւ յայտարարած է, որ աճող անհանգստութիւն կ՚առաջացնեն «Ռուսիոյ դիւանագիտական ​​յաղթանակը, Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանին մէջ անօրինական կերպով բռնակցուած հողերը պահպանելու մասին համաձայնագիրը»: