Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիրներուն հասկցուցած են, որ անոնք պէտք չէ մասնակցին մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք զօրահանդէսին: Այս մասին, 14 ապրիլին, Լիւքսեմպուրկի մէջ ԵՄ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Լաթվիայի արտաքին գործոց նախարար Պայպա Պրաժէն։
Այս մասին կը տեղեկացնէ DW-ի ռուսական ծառայութիւնը։
«Երէկ մենք զբաղուած երեկոյ ունեցանք՝ ընթրիք արեւմտապալքանեան գործընկերներու հետ... Շատ քննարկումներ եղան արժէքներու, ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան համակարգման, ներառեալ՝ պատժամիջոցներու մասին: Այդ շարքին՝ ԵՄ անդամ երկիրներու շատ յստակ ցուցումը թեկնածու երկիրներուն՝ չմասնակցելու Մոսկուայի մէջ մայիս 9-ին կայանալիք շքերթին, չկատարել նման ուղեւորութիւններ, քանի որ այդ չի համապատասխաներ ԵՄ արժէքներուն», -ըսած է Պրաժէն։
Ինչպէս հաղորդած է DW-ի թղթակիցը, մամուլի ասուլիսի ժամանակ այդ հաստատած է նաեւ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Քայա Քալլասը։ «Մենք թեկնածու երկիրներուն հասկցուցեր ենք, որ անոնք պէտք չէ ներկայ գտնուին մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ռազմական շքերթին»,-ըսած է Քալլասը։
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքին, իր հերթին, յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկան, իր եւ Քայա Քալլասի հետ համաձայնութեամբ, նախարարները հրաւիրած է մայիս 9-ին Լուովի մէջ կայանալիք հանդիպման: «Կը կարծեմ՝ այդ հիանալի գաղափար է ցոյց տալու, որ Եւրոպան՝ Ուքրանիոյ, եւ ոչ թէ Փութինի կողքին է՝ Մոսկուայի մէջ։ Ես համաձայն եմ նաեւ Քայա Քալլասի հետ, որ անդամ պետութեան կամ թեկնածու երկրի որեւէ ներկայացուցիչի ներկայութիւնը Մոսկուայի մէջ խայտառակութիւն պիտի ըլլայ այդ պետութեան համար»,- ընդգծած է ան։