image
Հրատապ լուրեր:

«Pegasus»-ը Պոլիս-Երեւան թռիչքներու յայտ ներկայացուցած է

«Pegasus»-ը Պոլիս-Երեւան թռիչքներու յայտ ներկայացուցած է

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը դիմած է ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութիւն` Երեւան–Սթամպուլ թռիչք իրականացնելու յայտով։

Այս մասին յայտնեց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի քարտուղար Սոնա Յարութիւնեանը։

«Այո՛, թրքական «Փեկասուս»ը դիմած է Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք իրականացնելու յայտով», ըսաւ ան։

Թէ երբ պիտի կայացուի որոշումը, Սոնա Յարութիւնեանը չյստակացուց` տեղեկացնելով, որ Քաղաքացիական օդագնացութիւնը ներկայիս կ'ուսումնասիրէ յայտը։

Նշենք, որ մինչ այդ թրքական կողմը յայտարարած էր, որ Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու համար յայտ ներկայացւոցած է մէկ թրքական ու մէկ հայկական ընկերութիւն։

Դեկտեմբեր 30-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւնները թոյլատրած են «Flyone Armenia» ընկերութեան շաբաթական 3 չարթըրային չուերթ իրականացնել Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղիով: