image

Պայտընի այցին ընդառաջ. Ռիատ-Թէլ Աւիւ համաձայնութի՞ւն

Պայտընի  այցին ընդառաջ. Ռիատ-Թէլ Աւիւ համաձայնութի՞ւն

Սէուտական Արաբիան համաձայնած է ուղղակի ներդրումներ կատարել իսրայէլեան ընկերութիւններու մէջ` ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի փեսային՝ Ճարետ Քուշնըրի հիմնադրամին միջոցով եւ այցելել տասնեակ իսրայէլացի գործարարներու` գործարքներ կնքելու համար:

 

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները պարզած են, որ յառաջիկայ ամսուայ կէսերուն ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի` Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցի ընթացքին պիտի յայտարարուի իսրայէլա-սէուտական ծոցի անվտանգութեան հարթակ:

Քաղաքական հարցերու մեկնաբան Կիլի Քոհեն ըսած է, որ կան «յառաջացած շփումներ` Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ շարք մը արաբական երկիրներու միջեւ անվտանգութեան պաշտօնական հարթակի ձեւաւորման համար, որոնք պիտի գործեն տարածաշրջանի պաշտպանութեան հարցերով, Իրանի սպառնալիքին դիմաց»:

Քոհեն յաւելած է, որ «Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն լսածին համաձայն, անվտանգութեան այս հարթակի ստեղծման մասին յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի Իսրայէլ այցի ժամանակ»:

Այլ գիծի վրայ, վերջերս իսրայէլեան մամուլին մէջ շատ կը խօսուի Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու զարգացման մասին, եւ պարզուած է, որ հող կը նախապատրաստուի «երկու կողմերուն միջեւ դիւանագիտական իրադարձութեան համար` արտակարգ տնտեսական եւ անվտանգութեան հեռանկարներով», մինչդեռ իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը խօսէին «մեծ բանի մը մասին, որ տեղի կ'ունենայ Սէուտական Արաբիոյ, Ամերիկայի եւ Իսրայէլի միջեւ»:

Ըստ Haaretz թերթին` Սէուտական Արաբիան համաձայնած է ուղղակի ներդրումներ կատարել իսրայէլեան ընկերութիւններու մէջ` ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի փեսային՝ Ճարետ Քուշնըրի հիմնադրամին միջոցով եւ այցելել տասնեակ իսրայէլացի գործարարներու` գործարքներ կնքելու համար:

Իր հերթին, «Իսրայէլ Հայոմ» թերթը հրապարակած է զեկոյց մը, որուն մէջ կը խօսուի գաղտնի այցերու եւ յարաբերութիւններու բնույթին մասին, մէկ տասնամեակէ ի վեր, իսրայէլացի եւ Սէուտական Արաբիոյ պատասխանատուներու միջեւ, այդ շարքին` պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցը եւ Մոսատի ղեկավարները, նպատակ ունենալով անվտանգութեան համակարգումը, յատկապէս Իրանի հետ կապուած:

Միաժամանակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիլ կոչ ըրած է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ հետ` հարցը վերագրելով Իսրայէլի շահերուն:

Լափիտ ըսած է. «Զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ օր մը վերնագրեր յայտնուին համաձայնագրի մասին (Սէուտական Արաբիոյ հետ): Սա պիտի ըլլայ կանոնաւոր եւ երկար գործընթաց, եւ ինձմէ յետոյ կրնան ըլլալ երեք արտաքին գործոց նախարարներ, որոնք կը ստորագրեն համաձայնագիրը: Սա գործողութեան մէկ մասն է»: