image

Պայտըն՝ Հերոշիմայէն. Եթէ հարկ ըլլայ աթոմական ռումբով պիտի պաշտպանենք ձեզ

Պայտըն՝ Հերոշիմայէն. Եթէ հարկ ըլլայ աթոմական ռումբով պիտի պաշտպանենք ձեզ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հերոշիմայի մէջ Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտային խոստացած է ամէն կերպ պաշտպանել Ճափոնը՝ համաձայն երկկողմ անվտանգութեան պայմանագրի, ներառեալ աթոմային հնարաւորութիւններով։ Այս մասին ըսուած է Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպման յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ։

Պայտըն ու Քիսիտան քննարկած են պաշտպանական ոլորտի մէջ համագործակցութեան ամրապնդման ուղիները, ըսու է ամերիկեան կողմի յայտարարութեան մէջ։

«Նախագահ Պայտըն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Ճափոնի պաշտպանութեան՝ համաձայն Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան պայմանագրին, որ ապահովուած է բոլոր տեսակի ամերիկեան հնարաւորութիւններով, ներառեալ աթոմային կարողութիւնները», - յայտնած է Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան յայտարարութեան համաձայն՝ ղեկավարները քննարկած են պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ուղիները՝ հիմնուելով Ճափոնի վերանայած ռազմավարական փաստաթուղթերու ու պաշտպանական ներդրումներու աւելացման վրայ։

Մայիս 19-21-ը Հիրոշիմայի մէջ տեղի պիտի ունենան Եօթնեակի / G7-ի 49-րդ գագաթնաժողովը։