image

Պատրաստ ենք բանակցութիւններ սկսիլ Հայաստանի հետ. Ալիեւը՝ նախագահ Պայտընին

Պատրաստ ենք  բանակցութիւններ սկսիլ Հայաստանի հետ. Ալիեւը՝ նախագահ  Պայտընին

Ատրպէյճանը, ըլլալով խաղաղութեան կողմնակից, պատրաստ է Հայաստանի հետ բանակցութիւններ սկսելու խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ` հիմնուած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու վրայ, կ'ըսուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ:

«Մենք` որպէս խաղաղութեան կողմնակիցներ, պատրաստ ենք Հայաստանի հետ բանակցութիւններ սկսելու խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ` հիմնուելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու վրայ, ինչպիսիք են տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ մեր երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը», ընդգծած է Ալիեւը:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթընը կ'աջակցի Ատրպէյճանի խաղաղութեան օրակարգին: