Հրազդան գետի վրայ կառուցուած 252մ երկարութեամբ եւ 28մ լայնութեամբ Երեւանի 5-րդ խոշոր կամուրջը գրեթէ պատրաստ է: Այն մայրաքաղաքի հիւսիսային եւ հարաւային մուտքերը իրար կապող նոր ճանապարհի ամենակարեւոր ու պատասխանատու կառոյցն է:
Երեւանի արեւմտեան օղակաձեւ ճանապարհի մաս կազմող Բաբաջանեան-աշտարակ, Արգաւանդ-Շիրակ ճանապարհահատուածներուն շինարարութիւնը կ'ընթանայ ամբողջ թափով:
«Բաւականին լաւ համագործակցութիւն եղաւ ֆրանսիական նախագծող կազմակերպութեան, սպանական, վրացական կազմակերպութիւնների, ինչպէս նաեւ մեր տեղական կապալառուների հետ: Պէտք է նշեմ նաեւ, որ բաւականին լաւ արդիւնք ունենք, աշխատանքներն ընթանում են ըստ նախանշուածի, խնդիրներ չունենք եւ ակնկալում ենք, որ արդէն Մայիսին ամբողջութեամբ կը բացենք: Արդիւնքում կ'ունենանք մէկ ընդհանուր ճանապարհ, որը հնարաւորութիւն կը տայ շրջանցել Երեւանի կեդրոնական փողոցները», նշած է Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը:
Մայրաքաղաքի երթեւեկութիւնը ճանապարհային հոսքերէ բեռնաթափելու նպատակով համայնքը այսօր տարբեր ծրագրեր ու նախագիծեր կը դիտարկէ` ճանապարհաշինութենէն փոխադրակառքերու հաւաքակազմի համալրում, փոխադրական համակարգման կեդրոնի ստեղծում ու լուսացոյցերու կառավարում: Արդէն իսկ բանակցութիւններ կ'ընթանան կառավարութեան հետ` եւս մէկ` Արշակունեաց-Իսակով նոր ճանապարհահատուած կառուցելու նպատակով: