Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը թեկնածու պիտի առաջադրէ՞ նախագահի պաշտօնին, թէ՞ ոչ, դեռ որոշում չունի: Խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանէցեան ըսաւ` այս փուլին հարցին շուրջ նոյնիսկ քննարկում չկայ:
Վանէցեան նշեց` հարցը պիտի քննարկեն նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան հետ, յետոյ որոշում պիտի կայացնեն` առհասարակ թեկնածու ունենալո՞ւ են, թէ՞ ոչ, բացառելով իշխող կուսակցութեան թեկնածուին սատարելու հարցը: