image

«Պատերազմի ոճիր»ի մասին խօսքերուն նպատակը բանակցութիւնները վիժեցնելն է. Լաւրով

«Պատերազմի ոճիր»ի մասին խօսքերուն նպատակը բանակցութիւնները վիժեցնելն է. Լաւրով

Ուքրանական կողմը առաջին անգամ գրաւոր յայտնած էր իր պատրաստակամութիւնը դաշինքներէ դուրս Ուքրանիան չէզոք պետութիւն յայտարարելու եւ իր երկրին մէջ օտար զէնք չտարածելու պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ զօրավարժութիւններ կայացնելու օտարերկրեայ զինուորականներու մասնակցութեամբ, միայն այս ապագայ համաձայնագրի բոլոր երաշխաւոր երկիրներու հաւանութեամբ, յոյսով ենք այդ շարքին նաեւ Ռուսաստանը:

 

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Ուքրանիոյ Փուչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «կեղծ սադրանքը» Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները ձախողցնելու փորձ է:

Լաւրով ըսած է, որ իր երկիրը կը կարծէ, որ «պատճառը ընթացող բանակցութիւնները տապալելու համար պատրուակ գտնելու ցանկութեան մէջ է, եւ այդ ընել այն պահուն, երբ լոյսը յայտնուեցաւ հորիզոնին»:

Ան նշած է, որ ուքրանական կողմը առաջին անգամ ներկայացուցած է իր «համաձայնագրի տեսլականը» Մարտ 29-ին Սթամպուլի մէջ կայացած բանակցութիւններուն ժամանակ:

Ան յաւելած է, որ «ուքրանական կողմը առաջին անգամ գրաւոր յայտնած էր իր պատրաստակամութիւնը դաշինքներէ դուրս Ուքրանիան չէզոք պետութիւն յայտարարելու եւ իր երկրին մէջ օտար զէնք չտարածելու պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ զօրավարժութիւններ կայացնելու օտարերկրեայ զինուորականներու մասնակցութեամբ, միայն այս ապագայ համաձայնագրի բոլոր երաշխաւոր երկիրներու հաւանութեամբ, յոյսով ենք այդ շարքին նաեւ Ռուսաստանը»:

Լաւրով ընդգծած է Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը` աշխատելու Քիեւի հետ բանակցութիւններու սեղանի ետին:

«Եւս մէկ անգամ մենք կոչ կ'ընենք անոնց, որոնք կը ղեկավարեն Քիեւի գործերը, եւ մենք գիտենք, թէ ովքեր են անոնք, գիտակցելու իրենց պատասխանատուութիւնը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան, աշխարհակարգի ապագայի համար, եւ ապահովելու, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքները պահպանուին», ըսաւ ան:

Ան նշած է, որ եթէ Ուքրանիան շարունակի մերժել քննարկել «իր ապաազգայնականացումը, զինաթափումը եւ ռուսաց լեզուի իրաւունքներու վերականգնումը... ես չեմ կարծեր, որ այդ պիտի օգնէ հետագային բանակցային գործընթացի շարունակման»:

Լաւրով զգուշացուցած է չկրկնել 2014 եւ 2015 թուականներուն ստորագրուած Մինսքի համաձայնագրերի ճակատագիրը: