Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է լրագրող Շահին Ռզաեւը: Դատարանը Ռզաեւը դատապարտած է 15 օր վարչական կալանքի, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Լրագրողը մեղաւոր ճանչցուած է վարչական իրաւախախտում կատարելու մէջ։
Տեղեկութիւնը հաստատած է Ատրպէյճանի Ներքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Ամիրասլանլին։