Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան՝ Միխայիլ Պոչառնիքով հինգշաբթի օր այցելած է Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուս դիւանագէտին ուղեկցած է Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան՝ Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Միխայիլ Պոչառնիքովի այցելութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին հետագային: