Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայերու վերադարձը ՀՀ պետական մարմիններու իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւններու մէջ է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ազգային ժողովը 16 հայ պատանդի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սկսող ապօրինի ու կեղծ դատավարութեան կապակցութեամբ։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող 16 հայ պատանդի նկատմամբ սպասուող կեղծ դատավարութիւնը նպատակ ունի փոշիացնելու անոնց հիմնարար իրաւունքներն ու ընդգծելու Ատրպէյճանի կողմէ օրէ օր աճող հայատեաց քաղաքականութիւնը:
«Մարդու իրաւունքներով եւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ մտահոգ պետութիւններից, միջազգային կառոյցներից, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններից ակնկալում ենք, որ գործնական քայլեր կը ձեռնարկեն՝ նպաստելու բոլոր պատանդների անյապաղ ազատ արձակմանը։ Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը դատապարտել Ադրբեջանի հակամարդկային քաղաքականութիւնը եւ կանխել ապօրինի դատավարութեան իրականացման ցանկացած փորձ»,–ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Արցախի Ազգային Ժողովը նաեւ կ՚ակնկալէ ՀՀ իշխանութիւններէն, որ հետեւողականօրէն ու վճռականօրէն բարձրացնեն այս հարցը բոլոր համապատասխան ատեաններուն եւ բանակցութիւններուն մօտ։
Խորհրդարանականները վստահեցուցած են` Պաքուի մէջ կայանալիք «դատավարութիւնն» ակնյայտ շինծու մեղադրանքներով եւ բազմաթիւ ընթացակարգային իրաւախախտումներով պիտի իրականացուի ու չի կրնար օրինական համարուիլ։ Ատրպէյճանական վարչակազմն ուղղակիօրէն կը փորձէ օրինականացնել ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որ արդէն երկար տարիներ կը վարէ բոլոր հայերու եւ յատկապէս Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ։
Արցախի Ազգային Ժողովը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը իր ունեցած հնարաւորութիւններու շրջածիրէն ներս պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու հաւաքական շահերը, որու կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն ալ գերեվարուած հայերու անյապաղ վերադարձն է հայրենիք: