image

Պաքուէն վերջ Ռիքըր Երեւան պիտի ժամանէ

Պաքուէն վերջ Ռիքըր Երեւան պիտի ժամանէ

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու մէջ ԱՄՆ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըրն Ատրպէյճանէն կը մեկնի Թիֆլիս, այնտեղէն ալ՝ Երեւան։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին իր տեսաուղերձով յայտնած է Ռիքըրը:

«ԱՄՆ-ն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ կոչ կ'ընէ եկող տարին պահպանելու այդ ընթացքը։ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը կը հաւատայ խաղաղութեան հնարաւորութեան եւ Հարաւային Կովկասի ներուժին։ Ան ինձմէ խնդրած է այս շաբաթ տարածաշրջան գալ»,–տեսաուղերձով ըսած է Ռիքըրը։

Դիւանագէտը ընդգծած է՝ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը հեշտ չէ, քանի որ «հակամարտութիւնը տարիներ շարունակ կողմերուն տառապանքներ պատճառած է»։

«Այնուամենայնիւ, խաղաղ ապագայի համար յոյս կայ: Յոյսով եմ, որ այս խաղաղ բանակցութիւններու թափը պահպանուի: Երկու երկիրներու կողմէն ես տեսած եմ իրական, համարձակ քայլեր, որոնք կարող են կառուցել ամուր խաղաղութիւն», - նշած է ան