Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է՝ «եթէ Հայաստանը որեւէ ապակայունացնող քայլի դիմէ, Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն պատասխանատւութիւնը»։
Պաքուի կողմէ նման յայտարարութեան առիթ հանդիսացած է 2024-ի ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած եռակողմ հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայէնի մասնակցութեամբ։
Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը պնդած է, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի «հայամէտ» կեցուածքը կրնայ Հայաստանի մօտ թիւր պատկերացումներ ստեղծել, թէ Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կրնան անոր օգնել Ատրպէյճանի դէմ պայքարին մէջ։
«Այն ժամանակամիջոցին, երբ միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու հիման վրայ աննախադէպ հնարաւորութիւն ստեղծուած է խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար, եւս մէկ անգամ կոչ կ՚ընենք բոլոր երկիրներուն զերծ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան խաղաղութեան ջանքերուն հակասել եւ տարածաշրջանին մէջ նոր մագլցումի ու լարուածութեան պաատճառ հանդիսանալ»,-ըսուած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մարտ 27-ին տարածած յայտարարութեան մէջ։