image
Հրատապ լուրեր:

Պաքու գտնուող հայ գերիները զանգած են հարազատներուն

Պաքու գտնուող հայ գերիները  զանգած են   հարազատներուն

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները հանդիպած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն։

Այս մասին Sputnik Արմենիային  յայտնեց ԿԽՄԿ պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին:

Իր խօսքով` Ատրպէյճանի իշխանութիւնները թոյլ տուած են հանդիպիլ բոլոր այն անձանց, որոնց գերեվարման փաստը պաշտօնապէս հաստատուած եղած է այդ երկիրի իշխանաթիւններու կողմէն։ Իրենցմէ են ինչպէս 2020–ի պատերազմի, այնպէս ալ 2021-ի նոյեմբերին տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով գերեվարուածները։

Գերիներու հարազատները ԿԽՄԿ–ի միջոցով նախապէս Հայաստանէն նամակներ ու տեսաուղերձներ փոխանցած են գերիներուն, իսկ իրենք՝ Ատրպէյճանէն պատասխան նամակներ ու տեսաուղերձներ հասցուցած են Հայաստան։

 

Նշենք, որ 2021-ի դեկտեմբերի դրութեամբ Ատրպէյճանը հաստատած է շուրջ 50 հայ գերիներու մասին տեղեկատուութիւնը։ Եւս 80 անձի մասին ոչ պաշտոնական տեղեկութիւն կա: Լրագրողներու հետ զրոյցի մէջ նման յայտարարութիւն ըրած էր իրաւապաշտպան, ՄԻԵԴ–ի մէջ գերիներու հարցով ՀՀ ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը։