Օրերս, Իրաքի Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը եւ Իրաքի Ղըպտիներու Առաջնորդ՝ արժ. Հայր Մինան քաղաքավարական այց կատարած են Իրաքի Քրիստոնէից, Եզտի եւ Մէնտայի կրօններու Աւանդապահութիւն։ Կողմերը զրուցած են Իրաքի Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու մասին:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Այսօր՝ Յունուար 31-ի առաւօտուն, թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը եւ Իրաքի Ղըպտիներու Առաջնորդ՝ արժ. Հայր Մինան քաղաքավարական այց կատարեցին Իրաքի Քրիստոնէից, Եզտի եւ Մէնտայի կրօններու Աւանդապահութիւն եւ ընդունուեցան այդ տնօրէնութեան նորանշանակ նախագահ՝ դոկտոր Ռամի Ժոզէֆ Սուլտուզեանի կողմէ:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր փոխանակելէ ետք՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կողմերը զրուցեցին Իրաքի Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու մասին:
Հանդիպման ներկայ էր Աւանդապահութեան Վարչական բաժնի ընդհանուր տնօրէն՝ պարոն Նովակ Պետրոսեանը: