 
                    Պաղտատի մէջ, վերջերս, հովանաւորութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ տեղի ունեցած են Ազգային Մանկապարտէզի եւ Ազգային Երկսեռ Նախակրթարանի աւարտական հանդէսները:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Հովանաւորութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ուրբաթ օր, Սեպտեմբերի 26ի երեկոյեան տեղի ունեցան Ազգային Մանկապարտէզի եւ Ազգային Երկսեռ Նախակրթարանի աւարտական հանդէսները ՊՀԵԵ Միութեան սրահին մէջ:
Մեր սիրասուն փոքրիկները իրենց յատուկ անմեղութեամբ եւ Աստուածապարգեւ շնորհներով շատ գեղեցիկ ու ոգեշնչող ելոյթներ ունեցան՝ հայկական երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ նուագներով:
Հանդիսութեանց ներկայ եղան` Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհն․ Արշակեանը, ՀՀ Դեսպանութեան հիւպատոս Օրդ․ Զարուհի Ներսէսեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամները, ուսուցչական կազմը, հիւրեր եւ ծնողներ:
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական Գրասենեակ