Պաղեստինի վարչապետ Մուհամետ Շթայէ յայտարարած է իր կառավարութեան հրաժարականի մասին՝ Արեւմտեան ափի բռնագրաւուած տարածքներու մէջ բռնութիւններու աճի եւ Կազայի դէմ պատերազմի լոյսին տակ: Այս մասին յայտնած է aljazeera.com-ը:
«Հրաժարականի որոշումը կայացուած է Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին եւ Երուսաղէմի մէջ աննախադէպ մագլցումի, Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի, ցեղասպանութեան եւ սովի լոյսի ներքոյ», -ըսած է Շթայէն, որ երկուշաբթի հրաժարական ներկայացուցած է Պաղեստինի ինքնավարութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին։
Շթայէի այս քայլը տեղի կ՚ունենայ Պաղեստինի իշխանութեան վրայ ԱՄՆ-ի ճնշման լոյսին տակ, որ կը պահանջէ աշխատիլ քաղաքական կառոյցի վրայ, որ կրնայ կառավարել պաղեստինեան պետութիւնը Կազայի պատերազմէն ետք:
«Ես կը տեսնեմ, որ յաջորդ փուլը եւ ատոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր կառավարական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններ, որոնք հաշուի պէտք է առնեն Կազայի նոր իրողութիւնը եւ պաղեստինեան համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուած պաղեստինեան միասնութեան եւ Պաղեստինի տարածքին մէջ միասնական իշխանութեան վրայ», -աւելցուցած է ան: