Քեսապի հայ բնակիչներուն ուտեստեղէնի զամբիւղներ տրամադրուած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ դիմատետրի պաշտօնական էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ընդառաջելով մեր խնդրանքին, Շաբաթ` 26 Սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրուայ ժամը 12։00֊ին, Դամասկոսէն Քեսապ ժամանեցին Դամասկոսի «Մկրտչական Աւետարանական» եկեղեցւոյ պատասխանատուները եւ Քեսապի բնակչութեան ուտեստեղէնի բաշխում կատարեցին, որպէս օգնութիւն տնտեսական այս ծանր օրերուն։Փառք Աստուծոյ իր բոլոր շնորհքներուն եւ բարիքներուն համար։