Ուքրանիոյ մէջ զինուած ուժերը յայտնած են, որ հակառակորդը «Քալիպր» տեսակի թեւաւոր հրթիռներով յարձակած է Օտեսայի առեւտրային նաւահանգստին վրայ, երկու հրթիռ խոցուած է հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ, երկուքը խոցած են նաւահանգիստի ենթակառուցուածքը։
Ըստ ուքրանական կողմի՝ հակառակորդը նման գործողութիւններ կատարած է ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտահանումները վերսկսելու հարցով Իսթանպուլի մէջ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրէն մէկ օր անց։
Ուքրանիոյ ԱԳՆ–ն ալ յայտնած է, որ Ռուսաստանը Օտեսայի նաւահանգիստին հարուած հասցնելով «կը թքէ» ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի երեսին: Երկրի ԱԳՆ–ն նկատի ունի ուքրանական հացահատիկի արտահանման շուրջ՝ ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը:
«Ռուսաստանի Դաշնութենէն 24 ժամէն քիչ ժամանակ պահանջուեցաւ Օտեսա քաղաքի վրայ հրթիռային յարձակում իրականացնելու համար, որպէսզի կասկածի տակ դնէ նախօրէին Իսթանպուլի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրն ու ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ խոստումները», - յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ռուսաստանի ԱԳ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան քիչ առաջ արձագանգած է լուրերուն, յայտնելով․«Քալիպր» հրթիռները ոչնչացուցած են Օտեսայի նաւահանգիստի ռազմական ենթակառուցուածքը՝ բարձր ճշգրտութեան հարուած հասցնելով»: