image
Հրատապ լուրեր:

Օմանի մէջ. Առաջին անգամ ըլլալով սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ (Լուսանկար)

Օմանի մէջ. Առաջին անգամ ըլլալով սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ (Լուսանկար)

«Մասքաթի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հնչեցին հայ եկեղեցւոյ շարականները», այսպէս կը գրէ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի թեմի առաջնորդութեան դիմատետրի էջը։ Իրաւամբ եւ նախաձեռնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք.ին Օմանի Սուլթանութեան մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ մեր հայրենակիցները ի մի եկած են ու մասնակցած մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

 

 Թղթակցութիւնը՝ ստորեւ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Օմանահայութեան համար պատմական օր էր, առաջին անգամ ըլլալով հայերէն լեզուով աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած Հայ Եկեղեցւոյ արարողութեամբ Ս․ եւ Անմահ պատարագով։ Ա․Մ․Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Օման իր պաշտօնական ու Անդրանիկ այցելութեան երկրորդ օրը Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիէն ներս Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին։ Քարոզին մէջ սրբազան հայրը նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս պատմական առիթին համար, ապա անդրադարձաւ Քրիստոսի տնօրինական կեանքին ու առաքելութեան հիմնական երկու պատգամներուն․

Ա․- Փրկագործական ծրագրին։

Բ․- Ծառայութեան։

Իր պատգամին մէջ ըսաւ «Քրիստոսի առաքելութեան գիտակցութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան նուիրումով այսօր, որպէս Աստուծոյ ծառայ կը գտնուիմ ձեր մէջ, Աստուծոյ խօսքին ծառայելու ու անոր յաւիտենական փրկութեան պատգամախօսը ըլլալու։ Եկած եմ Մասքաթ հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու ազգային ծարաւը յագեցնելու»։

Պատմական այս օրը սկզբնակէտը հանդիսացաւ Օմանի հայ գաղութի կազմակերպման աշխատանքին։