image

Ֆրանսայի դեսպանատունը պիտի սկսի վիզաներ տրամադրել

Ֆրանսայի դեսպանատունը պիտի սկսի վիզաներ տրամադրել

18 Օգոստոսէն պիտի վերսկսի կարճաժամկէտ վիզայի բոլոր տեսակներու տրամադրումը Եւրոպական միութեան կողմէ ճանչցուած պատուաստումներու ամբողջական չափաբաժնով (Pfizer, Moderna, AstraZeneca et Johnson & Johnson) պատուաստուած եւ ժամկէտանց վիզա ունեցող անձանց համար: Այս մասին յայտնած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը:

Վիզայի դիմում ներկայացնելու համար անհրաժեշտ պայման է տրամադրել պատուաստման ապացոյց:

Կայքին մէջ նշուած բաժիններուն չհամապատասխանող դիմումները, ներառեալ` զբօսաշրջային վիզայի համար առաջին անգամ դիմողներու դիմումները, չեն ընդունուիր: