Ուսանած տարիներուն եղած է բոլոր արտասահմանեան ուսանողներու ներկայացուցիչը։Յորդանանի մէջ եղած է ՀՄԸՄ ակումբի եւ ապա ԱՄՄ-ի պասքէթպոլի խումբի անդամ, ինչպէս եւ Ազգային Մարզական Միութեան ճատրակի խաղացող, խաղերուն ներկայանալով, որպէս Հաշիմեան Հասան Իշխանի գլխաւորած Ճատրակի Թագաւորական ակումբին անդամ։
Եղած է Ռամկաար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) անդամ
Օրերս Բեթղեհեմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է շրջանի հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն ՝Ֆրանսիս-Գրիգոր Սալմանը։
Հանգուցեալը ծնած էր 1944 թուականին Պաղեստինի Պիսան, քաղաքը։ Ան զաւակն էր պոլսահայ արմատներով եգ Ցեղասպանութիւնը վերապրած Փրլանդին Մելքիսէտէքեանին, իսկ Հայրը Իտալական արմատներով Բեթղեհէմի Արաբական ընտանիքներէն, Պիսանի նշանաւոր Ճօրճ Սալմանն էր։
Հայաստանի Համալսարանի մէջ Էլեկտրական ճարտարագէտ ուսանած է։
Ուսանած տարիներուն եղած է բոլոր արտասահմանեան ուսանողներու ներկայացուցիչը։Յորդանանի մէջ եղած է ՀՄԸՄ ակումբի եւ ապա ԱՄՄ-ի պասքէթպոլի խումբի անդամ, ինչպէս եւ Ազգային Մարզական Միութեան ճատրակի խաղացող, խաղերուն ներկայանալով, որպէս Հաշիմեան Հասան Իշխանի գլխաւորած Ճատրակի Թագաւորական ակումբին անդամ։
Եղած է Ռամկաար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) անդամ։
Նետուելով կեանքի ասպարէզ ան եղած է հանրայայտ Siemens ընկերութեան Յորդանանի մասնաճիւղի վաճառքի տնօրէն։
Ստեղծած է առեւտրական բարձր մակարդակի կապեր՝ Իրաքի, Լիբանանի եւ Քուէյթի հետ։
Կեանքի վերջին շրջանին ծառայած է Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարի Հայոց բաժնին մէջ։
Ամուսնացած էր Ամալ Սայէղի հետ։
Մահացաւ 78 տարեկանին, Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է
Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ին, Բեթղեհէմի Հայոց եկեղեցիին մէջ,
Բեթղեհէմի քաղաքապետի ներկայութեամբ որը նաեւ Սալման ընտանիքի անդամ է։
Այս տխուր աչթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, Բեթղեհէմի հայկական համայնքին, եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամներ Ներսէսեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու մասնաւորապէս Ներսէս Ներսէսեանին եւ Մարալ Ներսէսեանին։