image
Հրատապ լուրեր:

Նոր քայլ դէպի լիարժէք հաղորդութիւն. Գերշ. Տ. Խաժակ արք. մասնակցեցաւ եկեղեցիներու երկխօսութեան կարեւոր ժողովի (Լուսանկարներ)

 Նոր քայլ  դէպի  լիարժէք  հաղորդութիւն. Գերշ.  Տ. Խաժակ  արք. մասնակցեցաւ  եկեղեցիներու երկխօսութեան  կարեւոր ժողովի (Լուսանկարներ)

Հռոմի   մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի   ներկայացուցչական  գրասենեակէն  վերահասու կը դառնանք, թէ   օրերս ( 20-էն 24 յունիսին)  Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան խառն յանձնախումբի 18-րդ ժողովը, ուր ներկայ էին տարբեր երկիրներէն ժամանած Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու շուրջ 23 հոգեւորական։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը բաղկացած էր չորս անդամներէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն կը մասնակցէին՝ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան եւ Գերշ․ Տ․ Տիրան Եպս․ Պետրոսեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Հոգշ․  Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։

Յանձնախումբը միահամուռ ընդունեց «Խորհուրդները Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ» վերնագիրով նոր փաստաթուղթ։ Հռոմի մէջ գումարուած նիստին սկսաւ նաեւ երկխօսութեան նոր փուլ՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ» թեմայով, ուր քննարկուեցան տարբեր աշխատութիւններ, մասնաւորապէս՝ Աստուածածինի Վերափոխման վերաբերեալ։

Յանձնախումբի յաջորդ նիստը, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը այս թեմայով, պիտի կայանայ 2023 թուականի Յունուար 31-էն Փետրուար 4-ը, Եգիպտոսի Ուատի Էլ-Նադրուն անապատի Սուրբ Պիշոյի վանքին մէջ:

Երէկ՝ Յունիսի 23-ին, նիստի մանսակիցները հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքով Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած «թանկարժէք աշխատանքի» եւ յատկապէս՝ եկեղեցական խորհուրդներու վերաբերեալ փաստաթուղթի ընդունման համար, շեշտելով որ ան կը նշանաւորուի «նոր քայլ դէպի լիարժէք հաղորդութիւն»։ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ էքումԷնիզմի «մկրտական, հովուական եւ տեղական» նկարագիրի մասին։ «Մկրտութեան մէջ է քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ ամբողջական տեսանելի միասնութեան տենչանքի հիմքը: Այս խորհուրդի շնորհիւ է, որ մենք կրնանք Պօղոս Առաքեալի հետ համատեղ հաստատել, որ «մենք ամէնքս ալ մէկ Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին ըլլալու համար», - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը: 

Հռոմի Պապը մաղթեց, որ Սուրբ Հոգին մեզ ներշնչէ համատեղ դէպի առաջ ընթանալու, ուղղորդուելով  մարդոց հոգիներու ու Աստուծոյ ժողովուրդի բարօրութեան ցանկութեամբ եւ ոչ թէ բարոյական, աստուածաբանական կամ գաղափարական տարբերութիւններով, յիշեցնելով, որ Յիսուս Քրիստոս մարմնացաւ ու դարձաւ Աստուածապաշտ ժողովուրդի անդամ եւ ո՛չ թէ գաղափար։ 

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց «եղբայրաբար հանդիպելու կարեւորութիւնը՝ զիրար լսելու, կիսուելու ու միասին քալելու նպատակով» եւ  ողջունեց տեղական համայնքներու մէջ՝ Եկեղեցիներու մերձեցումի համար երիտասարդ սերունդը ներգրաւելը, որպէսզի «ուսմունքի շուրջ երկխօսութիւնը ընթանայ կեանքի երկխօսութեան հետ միասին»:  

Յիշեցնենք, որ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ միջազգային յանձնախումբը, որ ստեղծուած է 2003 թուականին, կը ներառէ Կաթողիկէ, Ղըպտի Ուղղափառ, Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ, Հայ Առաքելական, Եթովպիոյ Ուղղափառ եւ Մալանկարա Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: