image

Նոր նշանակումներ

Նոր նշանակումներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:

 

Արժանապատիւ Տ Յովհաննէս քահանայ Մարուքեանը, ազատուելով Վանաձորի Հայորդեաց տան հոգեւոր տեսուչի պաշտօնէն,  սոյն թուականի Յունուարի 20-էն ծառայութեան կոչուած է Արարատեան Հայրապետական թեմէն ներս:

 

Արժանապատիւ Տ Պօղոս քահանայ Միքայէլեանը, ազատուելով «Իզմիրլեան»  բժշկական կենդրոնի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնէն,  սոյն թուականի Յունուարի 20-էն ծառայութեան նշանակուած է Մասեացոտնի թեմին: