image

Նոպէլեան մրցանակակիրներ, որոնց մէջ՝ Փաթափութեանը, Ուքրանիայէն զօրքերը դուրս հանելու կոչ ըրած են Մոսկուային

Նոպէլեան մրցանակակիրներ, որոնց մէջ՝ Փաթափութեանը, Ուքրանիայէն զօրքերը  դուրս հանելու կոչ ըրած են Մոսկուային

Նոպէլեան մրցանակի 163 դափնեկիր բաց նամակով դատապարտած են Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ: Աշխարհահռչակ գիտնականները յիշեցուցած են, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը խախտած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ Պուտափեշտի յուշագիրը։

«Ինչպէս նազիստական Գերմանիան 1939 թուականին յարձակեցաւ Լեհաստանի վրայ (օգտագործելով նմանատիպ հնարքներ եւ կեղծ սադրանքներ) եւ 1941 թուականին Խորհրդային Միութեան վրայ, Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւնը նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ ձեռնարկեց չհիմնաւորուած ռազմական յարձակում՝ ոչ այլ ինչ, քան պատերազմ հարեւան պետութեան՝ Ուքրանիոյ նկատմամբ: Այստեղ մենք զգոյշ կ'ընտրենք մեր խօսքերը, քանի որ չենք հաւատար, որ ռուս ժողովուրդը դեր ունի այս յարձակման մէջ»,- ըսուած է նամակով։

Նամակի համահեղինակներու շարքին է ամերիկահայ՝ Արտեմ Փաթափութեան, որ 2021 թուականին բնախօսութեան եւ բժշկութեան բնագաւառէն ներս Նոպէլեան մրցանակ ստացած է: