Ինչպէս նախօրօք գրած էինք օրերս, Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առած են տեղի Հայց. Առաքելական Վարդանանց Տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքները։
Ընթացք առած աշխատանքներուն մասին վերջերս գրառում մը կատարած է թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան։
Սրբազան Հայրը կը գրէ՝
Դեկտեմբերեան պայծառ առաւօտ մը Նիւ Եորքի մէջ եւ Սուրբ Վարդանանանց Մայր տաճարի քանի մը լուսանկար, ուր կը նկատենք, թէ փայտամածները կը բարձրանան մինչեւ գմբէթը: Եկեղեցւոյ արտաքին հատուածի վերականգնման աշխատանքները արագ կ՚ընթանան։
Ուշադիր նայեցէք եւ կը տեսնէք, թէ ինչպէս աշխատողները իրենց վառ, դեղին անվտանգութեան բաճկոններով կը մագլցին բարձունքները: